
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ շարունակեց մնալ անպարտելի, երբ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 102-84 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Եութա Ճեզը:
Շիքակօ Պուլզ եւ Նիւ Եորք Նիքս, որոնք ցարդ յաղթանակէ զուրկ են, կրեցին իրենց երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` յաջորդաբար Քլիվլենտ Քաւալիրզէն (119-112) եւ Պոսթըն Սելթիքսէն (110-89):
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աարոն Կորտըն (41), որ իր կազմին` Օրլանտօ Մեճիքի հետ Պրուքլին Նեթցի դէմ յաղթանակ մը արձանագրեց (125-121): Տ՛անճելօ Ռասըլ (Նեթց) նշանակեց 29 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն, 12 մարզիկներ տապըլ-տապըլ մը իրագործեցին:
Անոնց կարգին եղաւ նաեւ Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ), որ նշանակեց 34 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շիքակօ Պուլզ 119-112
Օրլանտօ Մեճիք – Պրուքլին Նեթց 125-121
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Եորք Նիքս 110-89
Մինեսոթա Վուլվզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 107-130
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Օրլինզ 103-93
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ 102-84
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Տենվըր Նակեթց
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Պրուքլին Նեթց – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Մայեմի Հիթ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Ինտիանա Փէյսըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Եութա Ճեզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ


