
Նախորդ շաբաթ, Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոքի մէջ տեղի ունեցաւ կաժսմայի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 70-է աւելի երկիրներէ 450 երկսեռ աշակերտներ:
Յայտնենք, որ կաժսման ճափոնական թուաբանական հաշուարկ է, որ կը կատարուի մատներով:
Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ 43 երկսեռ աշակերտներով:
Լիբանանի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Այնճարի «Սեմաս»-էն հետեւեալ 12 աշակերտները. Ռալֆ Աշգարեան, Քրիսթել Գազանճեան, Արթիւր Հեքիմեան, Վագօ Գէօհիւլեան, Սելին Աբրումեան, Սպիտակ Տեմիրճեան, Կարէն Պոյաճեան, Լալէ Զէյթլեան, Մաթիլտա Գէօհիւլեան, Հրակ Սթամպուլեան, Մոսիկ Հերկելեան եւ Վարանդ Մաճարեան:
Իսկ Պուրճ Համուտի «Սեմաս»-էն մասնակցեցաւ Աւետիս Խաչատուրեան:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի կաժսմայի նախագահ Պօղոս Քենտիրճեան` իրեն օգնականներ ունենալով Սեմասի ուսուցիչներ Արաքս Հերկելեանը, Սեւան Քենտիրճեանը եւ Սեդա Թոփալեանը:
Մեծ հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ հայ 13 մասնակցողներն ալ անխտիր արժանացան մետալներու:
Այստեղ պէտք է նշել, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը իր ձեռք ձգած փայլուն արդիւնքներուն ի պատիւ դիմաւորուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ հիւրերու սրահին մէջ:


