Պէյրութ Կրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու մրցումներ:

PROFOTO
Պէյրութ, որ Շիահի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը, կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 78-76 արդիւնքով (21-17, 12-17, 22-25 եւ 21-19):
Մրցումին լաւագոյն սքորըրը հանդիսացաւ Պէյրութէն Քրիս Քրոֆորտ, որ նշանակեց 30 կէտ, մինչ անոր խմբակից Պասել Պաուժի տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ, 17 ռիպաունտ):
Սաժեսէն Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 28 կէտ, մինչ Ճէյ Եանկպլատ` 19 կէտ:
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Թատամոն, որ հիւրընկալեց Ռիատին, երկու կէտի տարբերութեամբ միայն` 76-74 արդիւնքով պարտուեցաւ (12-21, 21-21, 15-19 եւ 26-15):
Նշենք, որ Ռիատի յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով դժուար յաղթանակ մը կ՛արձանագրէ:
Թատամոնէն Վլատան Վուքոսակիեւիչ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ Ռիատիէն նոյնքան կէտ նշանակեց Քոլինսի Տուպի:


