Լիբանանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը, որ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Սէուտական Արաբիա իր կոլերը նշանակեց 30-րդ եւ 33-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն, մինչ Լիբանանի կոլը նշանակեց Հիւսէյն Ֆահըս (40-րդ):
Իր մարզիկներուն ունեցած կարողութիւնը իմանալու համար, Լիբանանի մարզիչ Ժալալ Ռըտուան Բ. կիսախաղին կատարեց 8 փոփոխութիւն:


