«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քերի 50 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումին ոչ մարզավայել կեցուածք ունեցաւ:
Քերի բարեբախտաբար փրկուեցաւ կախակայուելէ` նկատի ունենալով, որ ան իր ակռաները պաշտպանող կերպընկալէ փոքր առարկան նետած էր իրաւարարին ուղղութեամբ:
Ան այդ մրցումին նշանակեց 37 կէտ, բայց անոր կազմը 111-101 արդիւնքով պարտուեցաւ:


