Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի մրցումներուն վիճակագրութիւնը կատարող ընդհանուր պատասխանատու Տոմինիք Խալիֆէի հետ:
Այս հանդիպում-ժողովին ընթացքին երկու կողմերը խօսեցան այս մարզին վերաբերող շարք մը կարեւոր հարցերու մասին եւ փորձեցին անհրաժեշտ միջոցներուն դիմել, որպէսզի ֆետերասիոնին պատկանող ֆէյսպուքեան էջը յաւելեալ յառաջխաղացք արձանագրէ տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Երկու կողմերը մօտիկ ապագային դարձեալ իրարու հանդիպելու փափաքը յայտնեցին, որպէսզի պէտք եղած ձեւով կարենան համակարգել այդ աշխատանքը:


