Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երէկ գիշեր արժանացաւ ՖԻՖԱ-ի 2017 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:
Այս տիտղոսին համար կը պայքարէին նաեւ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ Պարսելոնայէն Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուած պրազիլցի Նէյմար:
Ճիանլուիճի Պիւֆոն ընտրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի լաւագոյն բերդապահը:
Իսկ լաւագոյն մարզիչի տիտղոսը շահողը եղաւ Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան: