Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիոնել Մեսսիի Նմանակը` Արտաշէս Կարապետեան «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

October 24, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Վերջին քանի մը ամիսներուն, լիբանանահայ Արտաշէս Կարապետեան, (38 տարեկան) գրաւեց լիբանանեան թէ միջազգային բազմաթիւ լրատուամիջոցներու եւ մարզական կայքերու ուշադրութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան կը նկատուի արժանթինցի ֆութպոլի աստղ Լիոնել Մեսսիի նմանակը:

Այս առիթով «Ազդակ» եւս անոր հետ ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը` աւելի մօտէն ծանօթանալու համար «լիբանանահայ Լիոնել Մեսսի»-ին:

Ստորեւ` այդ հարցազրոյցէն կարգ մը շահեկան բաժիններ.

«ԱԶԴԱԿ».- Արդեօք կարելի՞ է հակիրճ ձեւով անդրադառնալ, թէ ինչպէ՞ս քեզ նմանցուցին Պարսելոնայի աստղ Լիոնել Մեսսիին:

ԱՐՏԱՇԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Երբեք չէի մտածեր, որ օրին մէկը կրնամ այսքան հանրածանօթ ըլլալ (ինչպէս կարգ մը մարդիկ կը կարծեն), բայց եւ այնպէս, ինչպէս կ՛ըսեն, կեանքը բախտի անիւի մը կը նմանի, այդպէս ալ պատահեցաւ ինծի հետ:

Ընտանեկան պարագաներս եւ բարեկամներս պնդեցին, որ յար եւ նման եմ Մեսսիին, մանաւանդ երբ հագած ըլլամ Պարսելոնայի շապիկը. նմանութիւնը կը շեշտուի նաեւ մօրուքովս:

«Ա.».- Լիբանանի մէջ մարդիկ ի՞նչ ձեւով ընկալեցին այս նմանութիւնը:

Ա. Կ.- ՀՄԸՄ-ի համակիր մը ըլլալով, անոր կատարած պասքեթպոլի բոլոր մրցումներուն ալ ներկայ կը գտնուիմ (տղաք եւ աղջիկներ): Հոն է, որ աւելի սկսայ ճանչցուիլ եւ դառնալ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը:

Առաջնահերթ նպատակս է, որ մարդիկ զբաղին մարզական կեանքով եւ ուրախ պահերով` ամբողջութեամբ հեռու մնալով քաղաքական մթնոլորտէն:

Կը շեշտեմ, որ երբեք չեմ մտածեր Լիոնել Մեսսիի նմանիլս առեւտրական կամ այլ բնոյթի շահագործումի աղբիւրի վերածել:

«Ա.».- Խնդրեմ հակիրճ ձեւով ընթերցողներուն ներկայացնես կարեւոր տեղեկութիւններ քո՞ւ անձնական կեանքիդ մասին:

«Ա. Կ.».- Ամուսնացած եմ եւ ունիմ երկու զաւակ: Թէեւ ներկայիս յառաջապահի պաշտօնը ունիմ, սակայն անցեալին եղած եմ բերդապահ: 1996-1998 տարեշրջաններուն եղած եմ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին բերդապահը, հոգ չէ որ պահեստի, երբ այդ ժամանակամիջոցին խումբին մարզիչն էր Գէորգ Թահմիզեան:

Այժմ շատեր զիս Մեսսի կ՛անուանեն, մանաւանդ լիբանանցի տեղացիները, որուն համար երբեք չեմ նեղանար:

«Ա.».- Վերջին բաժինով: Կարելի՞ է իմանալ, թէ արդեօք ո՞ր թերթերը կամ մարզական լրատուամիջոցները մօտէն հետաքրքրուեցան քեզմով:

Ա. Կ.- Սկսելու համար, տեղական օրաթերթերէն «Նահար»-ը, «Արապասքեթ»-ը, «Օ. Թի. Վի.»-ն, «Թայար.օրկ»-ը, «Պի-Ին-Սփորթց»-ը, «Լեպանիզ պասքեթպոլ նիուզ»-ը, ինչպէս նաեւ ուրիշներ:

Առանց անուն նշելու, առեւտրական ընկերութենէ մը առաջարկ ստացայ անոր հետ աշխատելու համար, սակայն այդ առաջարկը կտրուկ կերպով մերժեցի, որովհետեւ կ՛ուզեմ մնալ հոս` Լիբանանի մէջ:

Յատուկ շնորհակալութիւն «Ազդակ» օրաթերթին` այս հարազատ եւ հետաքրքրական հարցազրոյցին համար:

 

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ. Ռոնալտօ` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Յաջորդը

Արաբական Պասքեթպոլ Տղոց Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Թագաւորական Բանակ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.