Մարզական

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 13 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 9 եւ 13 նոյեմբերին պիտի կատարէ միջազգային բարեկամական մրցումներ` յաջորդաբար հիւրընկալելով (Երեւանի մէջ) Պիելոռուսիան եւ Կիպրոսը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հրապարակեց անունները արտասահմանի մէջ հանդէս եկող 13 ֆութպոլիստներուն, որոնք պիտի մասնակցին այդ երկու մրցումներուն: Հայաստանի ախոյեանութեան մրցումներուն հանդէս եկող ֆութպոլիստներուն անունները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: Ստորեւ` 13 ֆութպոլիստներուն ցանկը. Վարազդատ Հարոյեան (Ուրալ, Ռուսիա), Կայել Անտոնեան...

Հայաստանի Ժիւտոյի Խումբին Յառաջատարը Որակազրկուեցաւ` Սամպոյի Մրցաշարքի Մասնակցելուն Պատճառով

Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը մէկ տարիով որակազրկեց Գրիգոր Սահակեանը: Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թաթուլ Յովհաննիսեան իր կատարած յայտարարութեան մէջ յստակացուց այդ որակազրկումին պատճառները: «Սահակեանը մեր հաւաքականին յառաջատարներէն է: Մենք ամբողջ տարին զինք կը պատրաստենք, գումար կը ծախսենք, հաւաքներու մէջ կ՛ընդգրկենք, միջազգային մրցաշարքերու կը ղրկենք: «Սակայն ան մասնակցեցաւ այլ մարզաձեւի մը աշխարհի ախոյեանութեան, երբ մեր դիմաց ունինք ժիւտոյի...

Քասիաս Կրնայ Տեղափոխուիլ Լիվըրփուլ

Անգլիական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս շատ հաւանաբար իր ակումբը` Փորթոն լքելով միանայ Լիվըրփուլի: Կը նշուի, որ այս ձմրան ընթացքին, մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ժամանակամիջոցին (դեկտեմբերի վերջը եւ յունուարի սկիզբը) Փորթօ իր 36 տարեկան բերդապահը պիտի ծախէ անգլիական ակումբին:

Թենիս. Մարթինա Հինկիս Դարձեալ Կ՛որոշէ Աւարտել Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Անցեալին աղջկանց թենիսի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի անուանի թենիսվումըն Մարթինա Հինկիս յայտարարեց, որ Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցող թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքէն ետք դարձեալ պիտի աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը: 37 տարեկան Հինկիս տիրացած է հինգ կրան շլեմի տիտղոսներու,  13 անգամ զոյգի, իսկ 7 անգամ խառն զոյգի տիտղոսներու ալ տիրացած է: 2013-ին ան երրորդ անգամ ըլլալով վերսկսաւ թենիսի իր...

Պասքեթպոլ. Պրուքլինի Խաղացողը Մասնակցեցաւ Քլիվլենտի Թայմ-Աութին

Քլիվլենտ Քաւալիրզ - Պրուքլին Նեթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան տեղի ունեցած է զուարճալի միջադէպ մը: Թայմ-աութի մը ընթացքին, Պրուքլինի մարզիկ Թրեւոր Պուքեր մօտեցած է Քլիվլենտի պահեստին մարզիկներուն մօտ եւ մտիկ ըրած է, թէ ի՛նչ կը թելադրէ մրցակիցին մարզիչը իր մարզիկներուն: Պուքերը նկատած են այն ժամանակ միայն, երբ ան հարցում մը ուղղած է Քլիվլենտի մարզիչին: Այս մրցումին Քլիվլենտ պարտուեցաւ Նեթցէն`...

Նշմար. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ոսկեայ Տառերով Իր Անունը Փորագրեց Արաբական Պասքեթպոլի Պատմութեան Մէջ

ՅԱԿՈԲ ՃԵՐԵՆԵԱՆ 2006 թուականին էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Բոլորս ուրախ էինք եւ հպարտ, որ կը մասնակցէինք այսպիսի կարեւոր մրցաշարքի մը, բայց ունէինք փորձառութեան պակասը: Այդ ախոյեանութեան ներկայ ըլլալով` վայրկեան մը կ՛երազէի, որ արդեօք օրին մէկը մեր խումբը պիտի հասնի՞ աւարտականին եւ ըլլայ տիտղոսակիր: Իսկապէս...

Արաբական Ակումբներու Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը Քաթարեան Խումբին Դէմ

Մարոքի մէջ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ երէկ գիշեր արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ իր կատարած երկրորդ մրցումին 80-68 արդիւնքով (18-19, 16-13, 20-30 եւ 14-18) պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ղարաֆան (Քաթար): Յայտնենք, որ քաթարեան այս խումբը կը նկատուէր զօրաւոր խումբ մը, նախքան ՀՄԸՄ-ի դէմ իր կատարած մրցումը` նկատի ունենալով, որ իր կազմին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – Անթունիէ Եւ Մութթահետ – Պիպլոս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Անթունիէն, մինչ Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) Մութթահետ` Պիպլոսը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Պատկերասփիւռի կայաններէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մրցումը պիտի ըլլայ Մութթահետ - Պիպլոս հանդիպումը: Այս հանգրուանէն յետաձգուած ՀՄԸՄ - Լուէյզի մրցումը տեղի պիտի...

Ռասինկ Քննադատեց Ֆութպոլի Իրաւարարներուն Կողմէ Ակումբին Դէմ Դիտումնաւոր Եւ Սխալ Որոշումները

Ռասինկ Քննադատեց Ֆութպոլի Իրաւարարներուն Կողմէ Ակումբին Դէմ Դիտումնաւոր Եւ Սխալ Որոշումները

Երէկ կէսօրին Ռասինկ ֆութպոլի ակումբը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը ակումբին պատուոյ նախագահ եւ նախարար Միշել Ֆարաոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Էշրեֆիէ)` ներկայութեամբ մեծ թիւով անձերու: Անոր ներկայ գտնուեցան նախարար Ֆարաոն, Անսարի նախագահ Նեպիլ Պատըր, Ահտի փոխնախագահը, Շապապ Արապիի նախագահը, Սալամ Զղարթայի պատասխանատուն, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ: Ռասինկի նախագահ Ժորժ Ֆարահ ըսաւ, որ «իրաւարարներուն կողմէ տրուած դիտումնաւոր սխալ որոշումները յստակօրէն բացայայտուած են,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր Կը Սկսի 6-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին տեղի կ՛ունենայ Թատամոն - Սուր - Ռասինկ 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումը, Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Նոյն ժամուն, սակայն, Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Իժթիմահի - Ահլի Սայտա մրցումը, որ կ՛իյնայ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական կազմը իր մրցումը կը կատարէ կիրակի օր:...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Բոլոր Մարզիկներն Ալ Մնացին Առանց Մետալի

Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի կռփամարտիկներէն ոչ մէկը յաջողեցաւ մետալի տիրանալ թրքական Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան: Դերենիկ Ոսկանեանի գլխաւորած խումբին 9 մարզիկներէն վերջինը մրցասպարէզ դուրս եկաւ 49 քկ դասակարգին մասնակցող Էրիք Թոխեան, որ քառորդ աւարտականին իր կատարած ճակատումին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց հունգարացի իր մրցակիցէն: Հաւաքականին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ Արթուր Բազէեան (52 քկ), Ժիրայր Սարգսեան...

20 Տարեկան Կռփամարտիկ Մը Մահացաւ

Ֆիլիփինեան մամուլը կը հաղորդէ, որ ֆիլիփինցի կռփամարտիկ Ճեֆրի Քլարօ մահացած է իր կատարած փորձերուն ընթացքին վնասուածքներ ստանալուն պատճառով: Թէեւ 20 տարեկան կռփամարտիկը փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն բժիշկները չեն կրցած զայն մահաքունէ դուրս բերել: 18 հոկտեմբերին Քլարօ կատարեց իր վերջին` հինգերորդ մենամարտը: Ան հեռացաւ այս աշխարհէն` արձանագրելով յաղթանակ մը եւ կրելով չորս պարտութիւն, կը յայտնէ rappler.com կայքը:

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրոն Ճէյմս Թրիփըլ-Տապըլ Մը Իրագործեց, Բայց Քաւալիրզ Պարտուեցաւ

Լեպրոն Ճէյմս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տասը ճակատումներ: Պրուքլին Նեթց, որ հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը, 112-107 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Քաւալիրզին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմս հանդիսացաւ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ (29 կէտ, 10 ռիպաունտ, 13 էսիսթ): Այդ տասը մրցումներուն տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձան 21 մարզիկներ, որոնց կարգին` Տեմարքուս Քուսինս, Ճէյմս Հարտեն, Տուայթ Հաուըրտ, Քեւին Լովէ, Քարմելօ Անթոնի, Մարք...

Քլոտ Փիւյել Նշանակուեցաւ Լայսթըր Սիթիի Մարզիչ

«Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթիի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ֆրանսացի Քլոտ Փիւյել նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ, որ փոխարինեց պաշտօնանկ եղած անգլիացի Քրէյկ Շէյքսփիրը: 56 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2020: Փիւյել անցեալին եղած է Մոնաքոյի, Լիլի, Լիոնի, Նիսի եւ Սաութհեմփթընի մարզիչ: Նշենք, որ այժմ, «Փրեմիեր-լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանէն ետք, Լայսթըր Սիթի 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը:...

Զուիցերիոյ Դատարանը Հարցաքննեց Փարիզ Սեն Ժերմենի Նախագահը

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ «Պի. Ին.-Մետիա Կրուփ» ընկերութեան նախագահ Նասեր Խելայիֆի հարցաքննուեցաւ Զուիցերիոյ դատարանին կողմէ: Goal.com հաղորդեց, որ կաշառակերութեան յանցանքով ամբաստանուած Խելայիֆի դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ 25 հոկտեմբերին: Ան ՖԻՖԱ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէի հետ կ՛ամբաստանուի շարք մը մեղադրանքներով, որոնց կարգին` 2018-2030 թուականներուն մոնտիալի մրցումները պատկերասփռելու իրաւունքը շահելու հարցով կաշառակերութեան պատճառով: Ցարդ պաշտօնական վճիռ չէ արձակուած այս դատավարութեան գծով:

Թենիս. Կարէն Խաչանով Դուրս Մնաց Վիեննայի Մրցաշարքէն

Ուսի վնասուածքի պատճառով Քրեմլինի թենիսի բաժակի մրցաշարքէն բացակայած, Ռուսիոյ թենիսի առաջին դիրքը գրաւող Կարէն Խաչանով, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: 21 տարեկան մոսկուահայ մարզիկը, որ ճակատեցաւ ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկայի դէմ, 7-6, 4-6 եւ 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 11 վայրկեան:

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ղարաֆա

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կը կատարեն իրենց վերջին փորձերը ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ ներկայիս կը գտնուի Մարոք, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 30-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Սալայի Պուհզաուի մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ այս մրցաշարքին սկսաւ բաւական տպաւորիչ յաղթանակով մը, այսօր ժամը 21:00 (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` իր դէմ ունենալով քաթարեան Ղարաֆա Սփորթց Քլապը:...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերին Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2017-2018 Տարեշրջանը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը: Տարեշրջանի բացման մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ կը հիւրընկալէ Շեպիպէ Շիահը: Մնացեալ երկու մրցումները տեղի կ՛ունենան երեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին, առաջինը Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, ուր երեկոյեան ժամը 19:30-ին Էներժի կը հիւրընկալէ Լիբանանի ախոյեան...

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականներուն Կազմերը Յստակացան

Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, որ կը սկսի 27 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Հերսոնիսոս քաղաքին մէջ (Յունաստան)` մասնակցութեամբ տղոց 39 եւ աղջկանց 32 խումբերու: Հայաստանի տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան: Իսկ աղջկանց հաւաքականը ելոյթ կ՛ունենայ հետեւեալ ճատրակ խաղացողներով. Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Գալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Մարիա Գէորգեան:

Lebanon-football-federation

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Շեպիպեթ Ռիատի - Մազրաա փոխադրուեցաւ Դ. դասակարգ` նկատի ունենալով, որ անիկա քաշուեցաւ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանէն: Ասկէ բացի, խումբը ենթարկուեցաւ 5 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի: Ֆետերասիոնը Էլիթ Էշրեֆիէ Ռիատի խումբին անունը ջնջեց իր ֆութսալի տոմարներէն` նկատի ունենալով, որ անիկա քաշուեցաւ ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներէն, իսկ անոր մարզիկները դարձան...

Page 913 of 1278 1 … 912 913 914 … 1,278

Արխիւներ