Երէկ Մոնթենեկրոյէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի ծովային տարբեր տեսակի մրցումներ կատարող ֆետերասիոնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Միջազգային ծովային մրցումներու ֆետերասիոնին կատարած համագումարին (որ տեւեց մէկ շաբաթ):
Լիբանանի այս ֆետերասիոնին նախագահը` Էտմոն Շաղուրի, յայտարարեց, որ Լիբանան իրաւունք ստացաւ յառաջիկայ տարի այս մարզաձեւերու միջազգային ֆետերասիոնին համագումարը հիւրընկալելու Պէյրութի մէջ, ինչ որ կը նկատուի բաւական մեծ եւ կարեւոր իրագործում մը մայրիներու երկրին համար:
Շաղուրի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու, որոնք խոստացան իրենց ամէն կարելին ընել այս համագումարը հիւրընկալելու առումով:
Նշենք, որ եւրոպական կարգ մը երկիրներ Լիբանանի դէմ վեթօ դրած էին: