
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին ծիրին մէջ իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ իր ելոյթներուն, երբ 20 կէտի տարբերութեամբ` 73-53 արդիւնքով (20-10, 14-13, 18-21 եւ 21-9) յաղթեց իր մրցակիցին` Էներժիին, Այնթուրայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Լաթոյա Ուիլիըմզ (20 կէտ), Էյփրըլ Սայքս (19), Ֆարահ Հարաքէ (10), Նաթալի Սվաճեան, Ռեպեքա Աքըլ (9-ական), Լէյլա Ֆարես (4) եւ Մեղրի Թորոսեան (2):
ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ երկուշաբթի, 6 նոյեմբերին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալէ Հուփսը:
Երէկ տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, Ռիատի, 83-72 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին: