Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ (4-րդ հանգրուան), Թոթենհամ – Ուեսթ Համ մրցումին պատահած է տհաճ միջադէպ մը:
«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ այդ մրցումին Թոթենհամի երկու համակիրներ իրենց մօտ գտնուող կերպընկալէ գաւաթին մէջ միզած են եւ այդ լեցուն գաւաթը նետած են մարդոց (բնականաբար` մրցակից խումբի համակիրներ) վրայ, ապա` բարձրաձայն խնդացած:
Թոթենհամի պատասխանատուները այդ միջադէպին տեսերիզը դիտելով որոշեցին այդ երկու համակակիրներուն դաշտ մտնելը ցմահ արգիլել: