Մարոքի մէջ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 30-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի կազմը շռնդալից յաղթանակով մը ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր այսօր կը մրցի Մուժամաա Փեթրոլիի դէմ (Ալճերիա):
Երէկուան մրցումին ՀՄԸՄ Մուհարրեք Պահրէյնի դէմ արձանագրեց 94-70 արդիւնքով յաղթանակ մը (39-12, 14-17, 23-11 եւ 18-30):
Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ նոյնիսկ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել մինչեւ 36 կէտի (76-40):
Դարձեալ բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը ունեցաւ Հայկ Կէօքճեան, որ նշանակեց 18 կէտ: Ան իր 5 թրի փոյնթերէն չորսը նշանակեց առաջին քորթըրին: Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 16 կէտ, Սեմ Եանկ` 15, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 12, Էլի Շամուն` 9, Մարք Ապի Խըրըս` 6, Քարամ Մըշրեֆ` 2, Սեւակ Քեթենճեան եւ Փաուլօ Պետիկեան` 3-ական, մինչ Իսմայիլ Ահմետ` 8 կէտ եւ 11 ռիպաունտ: