Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Խրուաթիոյ հետ:
Լեւոն Արոնեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան, որոնք մրցեցան սեւ քարերով, ինչպէս նաեւ ճերմակ քարերով մրցող Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան, բոլորն ալ հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստան յաղթեց Սերպիոյ` 3-1 արդիւնքով:
Յաղթանակներ արձանագրեցին Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Գալոյեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան, մինչ Մարիա Քուրսովա պարտուեցաւ: