Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ կը մրցի Էներժիի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ:
Նոյն ժամուն, Հուփս Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթական վերադառնալ Պըրժ Այնթուրայի դաշտէն:
Յայտնենք, որ տարեշրջանը սկսաւ շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, երբ Անդրանիկ Պէյրութ յաղթանակ մը արձանագրեց Շեպիպէ Շիահի դէմ` 68-61 արդիւնքով: