
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած երկու մրցումները աւարտեցան հիւրընկալ կազմերուն պարտութեամբ:
«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, Թատամոն, որ հիւրընկալեց Շանվիլը, 80-67 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Շանվիլէն Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 27 կէտ, մինչ Թատամոնէն Վլատան Վուքոսակիեւիչ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 16 ռիպաունտ):
Անթունիէ իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Մութթահետէն` 94-58 արդիւնքով: Վերջինիս մաս կազմող Տերիըն Թաունզ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (27 կէտ, 12 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Ժատ Խալիլ նշանակեց 22 կէտ:
Նշենք, որ Մութթահետէն Տեմարիուս Պոլտծ դաշտ ներկայացաւ միայն 15 վայրկեան` նկատի ունենալով, որ ան պատժուած ըլլալով դուրս դրուեցաւ մրցումէն:
Այսօր մրցում չկայ կատարելիք:
Ուրբաթ, 3 նոյեմբերին կը սկսի 5-րդ հանգրուանը` Պէյրութ – Պիպլոս մրցումով: