Կիրակի, 29 հոկտեմբերին, Կոլֆ ակումբը հիւրընկալեց Լիբանանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը, զոր կազմակերպած էր Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 100 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ` լիբանանեան տարբեր շրջաններէն:
ՀՄԸՄ-ի հետ Լիբանանի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան տիտղոսակիր հանդիսացած Ամր Ժաուիշ առաւելագոյն 11 կէտէն 10 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ արագ ճատրակի Լիբանանի ախոյեան:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Խալետ Շեհապ (9 կէտ), իսկ երրորդ դիրքը` Մըհտի Քահուրի (9 կէտ):
Ախոյեանութեան ընդհանուր պատասխանատուն էր Հիւսէյն Համմուտ, իսկ իրաւարարներուն կարգին էր` Էլի Հուլիշեան:
Նշենք, որ մրցանակային ընդհանուր գումարն էր 1200 ամերիկեան տոլար:


