«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Վերտըր Պրեմընի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին պատասխանատուները որոշեցին պաշտօնանկ ընել իրենց խումբին մարզիչը` Ալեքսանտր Նուրին:
38 տարեկան գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտը իր պաշտօնը ստանձնած էր հոկտեմբեր 2016-ին:
Խումբը այս տարեշրջանին կատարած իր տասը մրցումներուն արձանագրած էր 5 հաւասարութիւն եւ կրած 5 պարտութիւն: Անիկա այժմ կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Պրեմըն «Պունտըսլիկա»-ին մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ տարեշրջանի մը բացման առաջին տասը հանգրուաններուն յաղթանակ չի կրնար արձանագրել: