Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 4-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Հոլանտայի դէմ, արձանագրեց 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան յաղթանակներ արձանագրեցին, Լեւոն Արոնեան իր կէտը կիսեց Անիշ Կիրիի հետ, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան պարտուեցաւ:
Հայրենի կազմը, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 7 կէտ, արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին երէկուան մրցումին, անոր մրցակից Յունաստանի գլխաւոր խումբը 2,5-1,5 արդիւնքով տեղի տուաւ:
Մարիա Քուրսովա յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Լիլիթ Գալոյեան արձանագրեցին հաւասարութիւններ:
Հայաստանի աղջիկները, որոնք ցարդ արձանագրած են երեք յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, ունին 6 կէտ: