Նախորդ շաբաթավերջին, Հնդկաստանի մէջ աւարտեցաւ 17 տարեկանէն վար աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Անգլիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ:
Անգլիա, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, երբ պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Սպանիան, 5-2 արդիւնքով: Երրորդ դիրքի մրցումին, Պրազիլ յաղթեց Մալիի (2-0):