Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Չելսի Հետաքրքրական Ճակատում

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան դարձի մրցումները: Այսօր, բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Ա. Էս. Ռոմա կը հիւրընկալէ Չելսին: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ Պալ - Մոսկուայի բանակայիններ 21:45 Մանչեսթըր Եունայթըտ - Պենֆիքա 21:45 Բ. ԽՄԲԱԿ Սելթիք - Պայէրն Միւնիխ 21:45 Փարիզ Սեն Ժերմեն...

«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեանը Եւ Փոխախոյեանը Պարտուեցան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ փոխախոյեան Սան Անթոնիօ Սփըրզ պարտութիւններ կրեցին: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Միլուոքի Պաքսի մաս կազմող Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ (33 կէտ),  մինչ 34-ական կէտ նշանակեցին Քեմպա Ուոքըր (Շարլոթ Հոռնեթց) եւ Թիմ Հարտըուէյ (Նիւ Եորք Նիքս): Երէկ 12 մարզիկներ տապըլ-տապըլ իրագործեցին: Անոնց կարգին էին` Լեպրոն...

Ֆորմիւլա-1. Լուիս Հեմիլթըն Քառակի Ախոյեան

«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն նախորդ շաբաթավերջին չորրորդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան: Թէեւ Մեքսիքայի կրան փրիին ան գրաւեց դասաւորման 9-րդ դիրքը, սակայն ատիկա ոչ մէկ արգելք հանդիսացաւ, որ ան ժամանակէն առաջ ապահովէ ախոյեանութեան տիտղոսը: Տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, Հեմիլթըն ունեցաւ 333 կէտ, մինչ անոր անմիջական մրցակիցը` գերմանացի Սեպասթիան Վեթել («Ֆեռարի»), այժմ 277 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:...

Թենիս. 10 Տարի Ետք Ֆետերեր 7 Տիտղոսի Տիրացաւ` Մէկ Տարեշրջանի Ընթացքին

Տղոց թենիսի աշխարհի դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Պալի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցած «Մասթըրզ-1000»-ի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին, եւ ատիկա` 8-րդ անգամ ըլլալով, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը: Աւարտականին 36 տարեկան Ֆետերեր 6-7, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոյի` 2 ժամ 32 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք: Այս տիտղոսը...

Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակի Համակիրները Յարձակեցան Աբրահամ Խաշմանեանի Վրայ

Ալաշկերտի եւ Շիրակի միջեւ տեղի ունեցած մրցումէն ետք, որ կ՛իյնայ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պատահած է տհաճ միջադէպ մը, յայտնեց «Նիուզ.ամ» կայքը: Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Շիրակի համակիրները բազմաթիւ անգամներ անպատուած են Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանը: Մրցումին աւարտին, Շիրակի պատասխանատուներէն մէկը հարուածած է Խաշմանեանը, որմէ ետք տեղի ունեցած է զանգուածային բախում: Այս...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Կէտով Մը Վերադարձաւ Սուրէն

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը յաջողեցաւ կէտով մը վերադառնալ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտէն, երբ Ամալ Մաարաքէի դէմ  իր կատարած մրցումին արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մինչ հիւրընկալ կազմը իր կոլը նշանակեց 27-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Մամատուի, անդին ՀՄԸՄ կրցաւ կէտ մը խլել դաշտին տիրոջմէն, երբ 88-րդ վայրկեանին Ալեք Ալճեան նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Իր...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը Եւ Այսօր Կը Մրցի Մուհհարաք Պահրէյնի Դէմ

Երէկ` կիրակի, 29 հոկտեմբերին, Մարոքի մէջ հանգիստի օր էր` նկատի ունենալով, որ Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը մրցում չկատարեցին: Շաբաթ օր աւարտեցան Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնք կատարուեցան խմբակներու դրութեամբ: Յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող ութ խումբերը: Նախանցեալ օրուան վերջին մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Մուժամահ Փեթրոլի - Ֆաթըհ` 97-71, ՀՄԸՄ - Նազուա` 92-74 եւ Ժեզիրա - Մուհարրաք` 76-60: Ինչպէս նկատելի եղաւ,...

Արտերկրի Մէջ Ապրող Լիբանանցիներու Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Նախարար Աւետիս Կիտանեան Տուաւ Աւարտական Մրցումին Ազդանշանը

Արտերկրի Մէջ Ապրող Լիբանանցիներու Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Նախարար Աւետիս Կիտանեան Տուաւ Աւարտական Մրցումին Ազդանշանը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբը` Ախոյեան Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան ու մարոքեան օդանաւային ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ ակումբին դաշտին վրայ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ արտերկրի մէջ ապրոց լիբանանցիներու մինի ֆութպոլի առաջին մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու: Աւարտական մրցումին ազդանշանը տուաւ նախարար Կիտանեան: Մրցումը աւարտեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն խումբին յաղթանակով: Վերջինս 1-0 արդիւնքով յաղթեց Պրազիլի մէջ ապրող լիբանանցիներու...

Հեծելարշաւ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Թունուզ

Շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Թունուզ մեկնեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական հեծելարշաւի առաջին ախոյեանութեան, որ սկսաւ երէկ եւ կ՛աւարտի հինգշաբթի, 2 նոյեմբերին: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 երկիրներ` Ալճերիա, Մարոք, Լիպիա, Եգիպտոս, Օման, Յորդանան, Լիբանան եւ Թունուզ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նազարէթ Հապիպեան, թեքնիք պատասխանատուն է Քայսար Սալլում, իսկ մարզիկներն են` Էլիաս Ապու Ռաշիտ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութի Առաջին, Իսկ Ռիատիի Չորրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութի Առաջին, Իսկ Ռիատիի Չորրորդ Յաղթանակը

Շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, Լուէյզի - Պէյրութ բացման մրցումով սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը: Լուէյզի - Պէյրութ մրցումէնPROFOFO Պէյրութ, որ իր կատարած առաջին երեք մրցումներուն պարտութիւն կրած էր Լուէյզիի Զուք Մոսպեհի դաշտին վրայ, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 66-60 արդիւնքով (17-12, 10-19, 18-15 եւ 15-20): Լուէյզի, որ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք ՀՄԸՄ-ի դէմ, կրեց իր երրորդ...

Նշանառութիւն. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Ռէյ Պասիլ Լիբանանին Ապահովեց Պրոնզ Մետալ Մը

Ռէյ Պասիլ (աջին) Լիբանանցի միջազգային նշանառու Ռէյ Պասիլ Նիւ Տելհիի մէջ (Հնդկաստան) տեղի ունեցած աշխարհի նշանառութեան բաժակի մրցաշարքին Լիբանանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը: Ախոյեան հանդիսացաւ իտալացի Իզիա Էլիսիա, իսկ փոխախոյեան` աւստրալիացի Քաթրին Սքինըր: Պասիլ իր 75 հարուածներէն 70-ը հասցուց իրենց նպատակին` աւարտական մրցումներուն ընթացքին: Իսկ կիսաւարտականի հանգրուանին` 25-էն 24-ը: Կ՛ակնկալուի, որ Պասիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերուն ալ տպաւորիչ...

Պասքեթպոլ. «Իհթիմատ Լուպնանի» Դրամատունը Տիրացաւ «Սփորթց Մանիա»-ի Կազմակերպած Մրցաշարքին Տիտղոսին

«Սփորթց Մանիա»-ի կողմէ կազմակերպուած «Պանքօ» պասքեթպոլի մրցաշարքը Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` «Իհթիմատ Լուպնանի» եւ «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատուներուն միջեւ: «Իհթիմատ Լուպնանի» տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին` յաղթելէ ետք իր մրցակիցին` 71-38 արդիւնքով: Այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ համակիրներ, որոնց կարգին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք: Լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ Ճիորճիօ Մելքի («Սոսիեթէ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Յաղթանակով Սկսան Մրցաշարքը

Շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, Հերսոնիսոս Կրետէի մէջ (Յունաստան) սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան տղոց եւ աղջկանց Ա. հանգրուանի մրցումները: Տղոց մրցումներուն կը մասնակցին 40 խումբեր, իսկ աղջկանց պարագային` 32 խումբեր: Այս խումբերուն կարգին են, բնականաբար, Հայաստանի զոյգ կազմերը: Տղոց կազմը, որ Ա. հանգրուանին ճակատեցաւ Զուիցերիոյ դէմ, յաղթանակ մը արձանագրեց 3-1 արդիւնքով: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Եւ Պայէրն Միւնիխ Յաղթեցին, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պորուսիա Տորթմունտ Պարտուեցան

Կիրոնա - Ռէալ Մատրիտ մրցումէն Նախորդ շաբաթավերջին, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Անգլիոյ մէջ (10-րդ հանգրուան) տիրող կացութենէն բան չփոխուեցաւ, որովհետեւ Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ յաղթանակներ արձանագրելով մնացին յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ դիրքերուն վրայ: Իտալիոյ մէջ եւս (11-րդ հանգրուան) դասաւորման պատկերը մնաց անփոփոխ, որովհետեւ Նափոլի (առաջին) եւ Եուվենթուս (2-րդ) յաղթանակներ արձանագրեցին: Սակայն Սպանիոյ մէջ, մինչ Պարսելոնա (առաջին) յաղթեց, անդին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ամալ Մաարաքէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 29 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, հիւրը կ՛ըլլայ Ամալ Մաարաքէի: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ամէն գնով կ՛ակնկալուի յաղթական վերադառնալ Սուրի դաշտէն եւ իրենց ունեցած կէտերուն վրայ աւելցնել երեք կէտ: Յայտնենք, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Իժթիմահի -...

Փինկ Փոնկ.  Լիբանանի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց 2015 Տարուան Իր Յայտագիրը

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնը Կը Շարունակէ Իր Պատրաստութիւնները. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւնը` 8-12 Նոյեմբերին

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաբական ակումբներու փինկ փոնկի 29-րդ ախոյեանութիւնը լաւապէս հիւրընկալելու աշխատանքները կը շարունակուին բոլոր ճակատներու վրայ եւ մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնուին այդ ուղղութեամբ: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8-12 նոյեմբերին, Ղազիրի դաշտին վրայ` հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եւ հսկողութեամբ Արաբական փինկ փոնկի ֆետերասիոնին: Անոր մասնակցող խումբերն են. ՏՂԱՔ (15 ԱԿՈՒՄԲ).-...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ա. Սէ. Միլան – Եուվենթուս Եւ Պայէրն Միւնիխ – Լայփցիկ

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ, որոնք պիտի գրաւեն լուսարձակները: Անոնց կարգին պիտի ըլլան Ա. Սէ. Միլան - Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ - Լայփցիկ եւ այլ ճակատումներ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Մանչեսթըր Եունայթըտ (2) - Թոթենհամ (3) 14:30 Արսենալ (5)...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Նիզուա

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ Մարոքի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան, այսօր Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին կը կատարէ իր երրորդ մրցումը, երբ կը ճակատի Նիզուա խումբին դէմ (Օման): Իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն ՀՄԸՄ արձանագրեց երկու տպաւորիչ յաղթանակ: Այսօր կ՛ակնկալուի երրորդ յաղթանակը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի ազդանշանը կը տրուի այսօր` շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ - Շեպիպէ Շիահ մրցումը, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): Մնացեալ մրցումները կը շարունակուին երեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Եւ Մութթահետ` Յաղթական

Վաղը` Ռիատի - Սաժես Շանվիլ - Անթունիէ մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու մրցումներ: Շանվիլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Անթունիէն, արձանագրեց 103-74 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (25) նշանակեց Ֆետի Խաթիպ: Անոր նման 4 թրի փոյնթ նշանակեց Էլի Ռըսթոմ: Երէկուան երկրորդ մրցումին, Մութթահետ յաղթեց իր հիւրին` Պիպլոսին, 77-72...

Page 912 of 1278 1 … 911 912 913 … 1,278

Արխիւներ