Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 5 նոյեմբերին, Շեպիպէ կը մրցի Էներժիի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաժես Ժտէյտէի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
Երկու խումբերն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն կրած են: