2-էն 5 նոյեմբերին Լառնաքայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի թեքուանտոյի պատանեկան ախոյեանութեան (17 տարեկանէն վար), Հայաստանի մարզիկները տիրացան 2 մետալի, յայտնեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:
59 քկ դասակարգին մէջ, Ռոման Հայրապետով հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, իսկ 68 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ Խաչատրեան` պրոնզէ մետալակիր:
Հայրենի կազմը մրցավայր մեկնած էր աւագ մարզիչ Զօրայր Մեկինեանի գլխաւորութեամբ: