Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Անթունիէ` 91-75

November 6, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռիատի Կրեց Տարեշրջանի
Իր Առաջին Պարտութիւնը

ՀՄԸՄ-ի կազմը` նախքան երէկուան մրցումին սկսիլը
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին տղոց Արաբական ակումբներու ախոյեան ՀՄԸՄ, Լիբանան վերադառնալէն մէկ օր ետք, դարձեալ սկսաւ իր մրցումներուն:

ՀՄԸՄ-ի կազմը, նախքան իր մրցումին սկսիլը, լուսանկարուեցաւ իրեն հետ բերած բաժակով:

Երկու մրցում նուազ կատարած ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 91-75 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Անթունիէն (27-16, 26-16, 20-20 եւ 18-23):

Ինչպէս նկատելի էր, մրցակից կազմը քիչ մը ուշ սկսաւ պայքարիլ` փորձելով եւ ճիգ թափելով շրջել մրցումին արդիւնքը, բայց այդ փորձը ձախողեցաւ:

ՀՄԸՄ Անթունիէի վրայ մրցումին տեւողութեան ընթացքին նոյնիսկ ունեցաւ մինչեւ 27 կէտի առաւելութիւն մը (63-36):

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուոլթըր Հոճ` 21, ներառեալ` 3 թրի փոյնթ: Հայկ Կէօքճեան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (19 կէտ, 11 ռիպաունտ): Սամուէլ Եանկ նշանակեց 16 կէտ, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 15, ապա յաջորդաբար Էլի Շամուն` 8, Սեւակ Քեթենճեան` 5, Քարամ Մըշրեֆ` 3, Քարիմ Զէյնուն եւ Մարք Ապի Խըրըս` 2-ական:

Անթունիէէն բաւական լաւ ելոյթ մը ունեցաւ Քարլոս Էմորի, որ տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ 25 կէտով եւ 11 ռիպաունտով (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ):

Տիք Մըհտիի մէջ, Շանվիլ իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Ասիոյ եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատին` 82-80 արդիւնքով (25-17, 16-21, 26-15 եւ 15-27):

Մրցումի աւարտի սուլիչին հետ միասին Շանվիլի խմբապետ Էլի Ռըսթոմ նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կողովը` Պազըր Պիթըրով:

Ռիատիէն բաւական յաջող ելոյթ մը ունեցաւ Քուինսի Տուպի, որ նշանակեց 36 կէտ, ներառեալ` 5 թրի փոյնթ, իսկ Շանվիլէն ամէնէն աւելի կէտը նշանակեց Ճասթին Հոքինզ (22 կէտ):

Մրցումին տեւողութեան Շանվիլ առիթով մը ունեցաւ 17 կէտի առաւելութիւն մը (70-53):

Սաժես, որ մրցեցաւ Լուէյզիի դէմ, իր 14 կէտի ուշացումը վերածեց 14 կէտի առաւելութեամբ յաղթանակի մը` 85-71 արդիւնքով: Ճէյ Եանկպլատ նշանակեց 26 կէտ, մինչ Տուայն Ճեքսըն (17 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Աթեր Մաճոք (17 կէտ, 14 ռիպաունտ) տապըլ-տապըլ իրագործեցին: Լուէյզիէն Թրեւիս Ֆրանքլին տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (32 կէտ, 11 ռիպաունտ):

Վերջապէս, Մութթահետ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Թատամոնի դէմ (102-73):

Տեմարիուս Պոլտծ Մութթահետէն նշանակեց 36 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), մինչ անոր խմբակից Տերիըն Թաունզ` տապըլ-տապըլ մը (17 կէտ, 10 ռիպաունտ): Թատամոնէն Փաթրիք Ռեմպըրթ նշանակեց 27 կէտ:

Այսօր` երկուշաբթի, որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Յաջորդը

Դոկտ. Նորա Արիսեան Ձեռք Ձգած Է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Նորագոյն Լուսանկարները

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.