Երէկ` երկուշաբթի, 6 նոյեմբերին, Յունաստանի մէջ իր աւարտին հասաւ տղոց եւ աղջկանց Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը 10 կէտ ապահովելով բաժնեց 12-17-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներուն հայրենի կազմը գրաւեց 14-րդ դիրքը:
Հայաստանի հաւաքականին հետ այս ախոյեանութեան ընթացքին հանդէս եկան Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան արձանագրեց 3 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրեց երկու պարտութիւն:
Ախոյեան հանդիսացաւ Ազրպէյճան, մինչ Ռուսիա գրաւեց երկրորդ դիրքը, իսկ Ուքրանիա դարձաւ երրորդ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, ախոյեան հանդիսացաւ Ռուսիա, որ տիտղոսը արդէն իսկ ապահոված էր նախավերջին հանգրուանին: Երկրորդ հանգիսացաւ Վրաստան, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Ուքրանիա:
Հայաստանի հաւաքականը ախոյեանութիւնը աւարտեց 11 կէտով եւ գրաւեց 9-րդ դիրքը: Ախոյեան Ռուսիա ապահովեց 17 կէտ: