Երէկ` ուրբաթ, 3 նոյեմբերին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Հնդկաստան մեկնեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան, փորձելով ապահովել կրտսերներու ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը, որուն հիւրընկալ երկիրը յառաջիկայ ամառ պիտի ըլլայ Արժանթին:
Լիբանանի մարզիկներն են Ղալեպ Ֆահըս եւ Լեթիսիա Ազար, որոնց կ՛ընկերանայ Լիբանանի 21 տարեկանէն վար նախկին ախոյեան Լիզ Հաժ Նիքոլա:
Ֆահըսի առաջին հանգրուանի մրցակիցները պիտի ըլլան իրանցի եւ ֆիլիփինցի մարզիկներ, իսկ Ազարի մրցակիցները` թայուանցի, հոնկ քոնկցի եւ փաքիստանցի մարզիկներ:
Առաջին երկուքը պիտի անցնին Բ. հանգրուան: