
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Հիուսթըն Ռոքեթցի մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն մեծապէս նպաստեց իր կազմին, որ յաղթանակ մը արձանագրէ Եութա Ճեզի դէմ, 137-110 արդիւնքով:
Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով նշանակեց 56 կէտ (ինչպէս նաեւ 13 էսիսթ), ներառեալ` 7 թրի փոյնթ` 8 փորձերէ ետք:
Տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը արձանագրած Ռոքեթց այժմ կը գրաւէ Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը:
Արեւելեան շրջանին վերջին դիրքը գրաւող Աթլանթա Հոքս արձանագրեց տարեշրջանի իր 2-րդ յաղթանակը Քլիվլենտի մէջ` Քաւալիրզի դէմ, 117-115 արդիւնքով: Քաւալիրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց միայն 26 կէտ:
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ 107-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը (տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը):
Նիւ Եորք Նիքսի արձանագրած յաղթանակին մէջ իր կարեւոր բաժինը ունեցաւ Քրիսթափս Փորզինկիս, որ Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ (108-101) նշանակեց 40 կէտ:
Թորոնթոյի մէջ, Ռեփթըրզ 107-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն: Այս վերջինէն Պրետլի Պիլ նշանակեց 38 կէտ, մինչ Տեմար Տերոզան (Ռեփթըրզ)` 26 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Աթլանթա Հոքս | 115-117 |
| Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մայեմի Հիթ | 101-104 |
| Օրլանտօ Մեճիք – Պոսթըն Սելթիքս | 88-104 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 96-107 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Եութա Ճեզ | 137-110 |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 112-95 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ | 108-101 |
| Մինեսոթա Վուլվզ – Շարլոթ Հոռնեթց | 112-94 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 103-99 |
| Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 107-102 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Աթլանթա Հոքս – Պոսթըն Սելթիքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Պրուքլին Նեթց
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մայեմի Հիթ


