Գերմանական Ռեկենսպուրկի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան պիտի չմիանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, որ շուտով պիտի սկսի նախապատրաստուիլ Պիելոռուսիոյ (9 նոյեմբեր) եւ Կիպրոսի (13 նոյեմբեր) դէմ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն:
«Պունտըսլիկա-2»-ի 13-րդ հանգրուանին անոր իրագործած տուպլէին շնորհիւ Ռեկենսպուրկ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Կրոյթըր Ֆիուրթի դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 88-րդ վայրկեանին փոխարինուած Ադամեան մէջքի վնասուածք ունի եւ պիտի բացակայի խումբէն:


