Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներէն ոմանք Արցախի մէջ կատարելու պատճառով, Ազրպէյճանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը բողոքած է ՖԻՊԱ-ին, որպէսզի պատժէ Հայաստանը` նկատի ունենալով, որ ըստ ազրպէյճանցիներուն, Արցախ իրաւունք չունի Հայաստանի ախոյեանութեան մրցումները ընդունելու:
Այս ուղղութեամբ յայտարարութիւն մը կատարեց Ստեփանակերտի Արցախ պասքեթպոլի ակումբի թեքնիք տնօրէն Արեգ Վաթեան:
Նախորդ 21 հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ սկսաւ Հայաստանի Ա. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը` մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. Ուրարտու – Երեւան, ՖԻՄԱ – Երեւան, Գիւմրի – Շիրակ, Արթիկ – Արթիկ, Ինճիներ – Երեւան, Կրանտ Սփոր – Երեւան եւ Ստեփանակերտ – Արցախ:
Նշենք, որ Բ. հանգրուանին Արցախի կատարած մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Նախագահ Սահակեանի ներկայութիւնը հակազդեցութեան արժանացաւ ազրպէյճանական մամուլին մէջ:


