Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Կը Ստանայ Շնորհաւորանքի Բազմաթիւ Խօսքեր Եւ Նամակներ

November 4, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը Մարոքի մէջ հանդիսացաւ Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 30-րդ ախոյեանութեան տիտղոսակիրը` աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք մարոքեան Սալա խումբին` անոր իսկ դաշտին վրայ եւ անոր համակիրներուն ներկայութեան:

ՀՄԸՄ-ը առաջին շնորհաւորողը եղած էր վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ այս մեծ նուաճումին առնչութեամբ:

Երէկ ՀՄԸՄ-ը շնորհաւորեցին նաեւ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ` քաղաքական գործիչներ, մարզական պատասխանատուներ կամ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Իր գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի յատուկ խօսքը ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ նշեց, թէ ՀՄԸՄ եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը` արաբական պասքեթպոլի աշխարհին մէջ:

ՀՄԸՄ-ը շնորհաւորեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:

Արձանագրուած այս փայլուն յաղթանակին եւ տիտղոսին տիրանալուն առիթով իր յատուկ շնորհաւորանքի խօսքն ու նամակը յղեց նաեւ ՀԲԸՄ ՀԵԸ` նշելով, որ Լիբանանի եւ աշխարհի տարածքին մեծ անուն ունեցող ակումբը` ՀՄԸՄ-ը, այս նուաճումով եկաւ նաեւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը եւ փաստելու, որ լիբանանահայերը եւս կրնան մեծապէս նպաստել իրենց երկրին մարզական իրագործումներուն եւ արձանագրուած յաղթանակներուն:

ՀՄԸՄ-ը շնորհաւորեցին նաեւ Ռիատի Պէյրութ ակումբի նախագահ Հիշամ Ժարուտի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ ուրիշներ:

Այլ գետնի վրայ, ՀՄԸՄ շնորհակալութիւն յայտնեց «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին, որ ուղղակիօրէն պատկերասփռեց աւարտական այս մրցումը:

Այսօր` շաբաթ, 4 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի բոլոր համակիրները հրաւիրուած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ` հանդիպելու իրենց ախոյեան խումբին` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն հետ:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն հետ այս հանդիպումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանէն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շապապ Մաժտալ Այնճար

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.