Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 20:15-ին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս մրցումը:
Լիբանանի եւ Արաբական երկիրներու ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս այս տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ երեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին, Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին պարտութեան մատնեց Էներժին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը:
2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Շեպիպէ 83-54 արդիւնքով յաղթեց Էներժիին: