Մարզական

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Թոնի Ժալպութ Տիրացաւ «4×4 Քրիթերիում-2017»-Ի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Մըրուժի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ «4x4 Քրիթերիում-2017»-ի 31-րդ մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ ճիփեր: Այս մրցումը եղաւ ընթացիկ տարեշրջանի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանը` 4x4 Լիբանանի ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ: Առաջին դիրքը գրաւեց Թոնի Ժալպութ («Ճիփ-Շիրոքի»), որ արձանագրեց 9' 05" 37 արդիւնք մը: Անոր ետին, 9' 15" 12 արդիւնք մը արձանագրելով 2-րդ դիրքը գրաւեց...

Lebanon-football-federation

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Շապապ Արապիի նախագահ Ղազի Շաարին ձեռագիր ազդարարագիր մը ղրկուեցաւ, մինչ ակումբին պատասխանատուներէն Քամալ Ապտալլա մէկ տարիով կախակայուելէ բացի մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկուեցաւ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Մոհամետ Ասսաս երկու մրցումով կախակայուեցաւ ֆետերասիոնին կողմէ: Շուրջ տասը ֆութպոլիստներ կախակայուեցան մէկական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մարզիկներու Պաշտօնական Փոխանցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անթունիէ Փոխեց Իր Երեք Օտարականները

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող նորեկ խումբերէն Անթունիէ, որ ցարդ ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, որոշեց փոխել իր երեք օտարականները` ամերիկացիներ Քարլոս Էմորին, Քեւին Պորուիլը եւ խրուաթ Պոսիչ Մաթիժան: Անոնց փոխարէն խումբին միացած նոր մարզիկներն են ամերիկացի Ճոնզ Մորիս (25 տարեկան, 170 սմ), քանատացի-ուկանտացի Ճտիշ Ռոպսըն Օպոնկ (18 տարեկան, 191 սմ) եւ մոնթենեկրոցի Իվան Թոտորովիք (33 տարեկան, 214...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Եգիպտացի Ահմետ Հաֆեզ` Նեպի Շիթի Նոր Մարզիչ

Մամլոյ ասուլիս մը տալով Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի կազմերէն Նեպի Շիթ յայտարարեց, որ եգիպտացի Ահմետ Հաֆեզ նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ: Ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Նոր մարզիչը ներկայացնողը եղաւ Նեպի Շիթի նախագահ Ահմետ Մուսաուի: Ան փոխարինեց վենեզուելացի Քի Քին, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով հեռացաւ պեքաայեան ակումբէն: Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ...

Միջազգային Ֆութպոլ. Այսօր` Հայաստան – Պիելոռուսիա

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 9 նոյեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիելոռուսիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նկատի ունենալով, որ մրցումը բարեկամական է, երկու խումբերուն մարզիչներն ալ անկէ առաջ մամլոյ ասուլիս պիտի չտան: Անոնք լրագրողներուն հետ պիտի հանդիպին մրցումէն ետք: Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի կազմը տպաւորիչ ելոյթ...

Ուեսթ Համ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Տէյվիտ Մոյես Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի մրցումներուն («Փրեմիեր լիկ») բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրելուն պատճառով, Ուեսթ Համ որոշեց պաշտօնանկ ընել իր խրուաթ մարզիչ Սլաւէն Պիլիչը, ինչպէս նաեւ անոր հետ միասին գործող մարզիչներու կազմը: 49 տարեկան Պիլիչ 2015-էն ի վեր խումբին մարզիչն է: Ներկայ դրութեամբ խումբը վտանգուած է Ա. դասակարգ փոխադրուելու առումով` նկատի ունենալով, որ 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք լոնտոնեան խումբը...

«Էն. Պի. Էյ.». Մավըրիքսի 2-րդ Յաղթանակը` Ուիզըրտծի Դէմ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Տալաս Մավըրիքս արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը Ուաշինկթընի մէջ, երբ 113-99 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուիզըրտծը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Հերիսըն Պառնզ նշանակեց 31 կէտ: Երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ 124-119 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Միլուոքի Պաքսին, հակառակ անոր որ վերջինիս մաս կազմող Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 40 կէտ:...

Տուայթ Հաուըրտ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Շարլոթ Հոռնեթցի մարզիկ Տուայթ Հաուըրտ Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 25 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ, նկատի ունենալով, որ ան Մինեսոթա Վուլվզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին մրցակիցին համակիրներէն մէկուն նկատմամբ վիրաւորական արարք մը կատարեց:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը Լուէյզիէն` Կէտի Մը Տարբերութեամբ (92-91)

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լուէյզին: ՀՄԸՄ իր այս մրցումը սկսաւ երեք յաղթանակէ, մինչ Լուէյզի` 4 պարտութենէ ետք: Ճնշումը բնականաբար հիւր կազմին վրայ էր, որ պիտի փորձէր արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ Լուէյզի, որուն մարզիկները...

Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու 29-րդ Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Պաշտօնական Բացման Հանդիսութիւնը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը Այսօր` չորեքշաբթի, 8 նոյեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին, տեղի կ՛ունենայ փինկ փոնկի Արաբական ակումբներու 29-րդ ախոյեանութեան բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` այս մրցաշարքը հիւրընկալող Ղազիրի դաշտին վրայ: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 26 խումբեր (18 տղաք եւ 8 աղջիկներ): Տղոց եւ աղջկանց պարագային ալ Լիբանան կը մասնակցի երեքական խումբերով: Տղոց մրցումներուն կը մասնակցին Լիբանանեան բանակը, Ֆետի Աքտաս եւ Ժընուպ Թուլ,...

Վաչէ Ծատուրեան Կը Ստանայ Արժանաւոր Մակարդակի Իրաւարարի Կոչում Եւ Կը Նշանակուի Հեծելարշաւի Միջազգային Ֆետերասիոնի Մաունթըն Պայքի Յանձնախումբի Անդամ

Կազմակերպութեամբ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին, 9-էն 13 հոկտեմբեր 2017-ին, Պուտափեշթի մէջ, տեղի ունեցաւ արժանաւոր մակարդակի իրաւարարներու դասընթացք, որուն մասնակցեցան Եւրոպայէն 11 ներկայացուցիչներ եւ Լիբանանէն Հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան: Հինգ օրերու վրայ երկարող այս դասընթացքին ներկայացուեցան տեսական նիւթեր եւ գործնական վարժանքներ, որոնք աւարտեցան մասնակիցներու գրաւոր եւ բանաւոր քննութիւններով: Դասընթացքի աւարտէն երկու շաբաթ ետք, մասնագէտներու հսկողութեամբ մասնակիցներու քննութիւններու արդիւնքները ամփոփուեցան, որոնց համաձայն...

Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութսալի Զտումի Մրցաշարք. Լիբանանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Պանքոք

Երէկ` երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Թայլանտ (Պանքոք) մեկնեցաւ Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին: Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան պիտի մրցի միայն Յորդանանի եւ Քաթարի դէմ` նկատի ունենալով, որ Սուրիա քաշուեցաւ մրցաշարքէն: Լիբանանի առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Յորդանան (10 նոյեմբեր), իսկ երկրորդը` Քաթար (12 նոյեմբեր): Լիբանանի ազգային խումբին մէջ են երկու...

«Քուն Հետի» Եւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Տուին Միացեալ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Լուսանկարը Տրամադրեց` ՍԻՆՏԻ ԱՊՈՒ ԹԱՅԵՀ Երէկ` երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) վերոնշեալ ակումբը եւ «Քուն-Հետի» միութիւնը տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը: Անոր ներկայ գտնուեցան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուները, վերոնշեալ միութեան նախագահն ու անոր անդամները, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ: Այս միութիւնը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ մարդոց երթեւեկը ապահով դարձնելու` սկսելով մայրաքաղաք Պէյրութէն, գործակցութեամբ...

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս, Նեթց Եւ Ուորիըրզ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք մրցումներ: Աթլանթայի մէջ, Հոքս, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, 110-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 35 կէտ: Պրուքլինի մէջ, Ֆէոնիքս հիւրը եղաւ Նեթցին եւ 98-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Տանճելօ Ռասըլ (Նեթցէն) նշանակեց 23 կէտ: Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Կոլտըն Սթէյթի մէջ...

Թենիս. Ճոքովիչ Եւ Միւրէյ Դուրս Մնացին Առաջին 10-էն

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին հրապարակեց այս շաբթուան նոր դասաւորումը: Սերպ Նովաք Ճոքովիչ եւ անգլիացի Էնտի Միւրէյ, որոնք նախապէս կը գրաւէին դասաւորման պարագլուխի դիրքերը, իրենց նահանջը շարունակելով դուրս մնացին առաջին 10-էն: Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով կը գտնուի 45-րդ դիրքին վրայ: Աղջկանց դասաւորման մէջ, առաջին դիրքին վրայ է ռումանացի Սիմոնա Հալեփ, մինչ ռուս Մարիա...

Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Լեւոն Արոնեան Լաւագոյն Արդիւնքը Արձանագրեց Առաջին Խաղատախտակին Վրայ

Յունաստանի մէջ աւարտած Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց առաջին խաղատախտակին վրայ եւ արժանացաւ ոսկի մետալին, իսկ երրորդ խաղատախտակին վրայ հանդէս եկած Գաբրիէլ Սարգսեան ստացաւ արծաթ մետալը, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Արոնեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 7 մրցումի, մինչ Սարգսեան մասնակցեցաւ բոլոր մրցումներուն: Յիշեցնենք, որ իր կատարած 9 մրցումներուն Հայաստան արձանագրեց 3 յաղթանակ,...

Միջազգային Ֆութպոլ. Հայաստանի Կատարելիք Երկու Մրցումներուն Իրաւարարները` Վրաստանէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք յառաջիկայ երկու մրցումներուն իրաւարարները պիտի ըլլան Վրաստանէն: 9 նոյեմբերին Հայաստան - Պիելոռուսիա մրցումին կեդրոնի իրաւարարն է Լաշա Սիլակաւա: Նշենք սակայն, որ չորրորդ իրաւարարն է Գէորգ Եղոյեան: Իսկ 13 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան - Կիպրոս մրցումին իրաւարարն է Կէորկի Վատաչքորիա: Չորրորդ իրաւարարին անունը պիտի յստականայ աւելի ուշ: Վերոնշեալ երկու...

Հայաստանի Հաւաքականին Մրցումները Այսուհետեւ Պիտի Չպատկերասփռուին «Հ-1»-էն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք մրցումները պիտի չպատկերասփռուին «Հ-1»-էն: Հայրենի կազմին մրցումներուն այսուհետեւ կարելի է հետեւիլ «Արմենիա-Թի. Վի.»-էն:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Հուփսը: Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի եւ Արաբական աշխարհի ախոյեան ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, որ 82-56 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին (19-11, 22-12, 28-17 եւ 13-16): ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էյփրըլ Սայքս (34 կէտ), ապա յաջորդաբար`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` 3-րդ Հանգրուանէն Յետաձգուած ՀՄԸՄ – Լուէյզի Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, այսօր` երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը կը մրցի Լուէյզիի դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, մինչ Լուէյզի կրած է յաջորդական չորս պարտութիւն: Սակայն ասիկա չի...

Page 908 of 1278 1 … 907 908 909 … 1,278

Արխիւներ