Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական բաժանմունքին մէկ յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ Ժիհատ Սալամէի, այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումին, Սալամէ իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահին ըսաւ.
«Ձեր ներկայութեամբ լիբանանեան մարզաշխարհը միշտ ալ եղած է եւ պիտի մնայ առողջ` հեռու ամէն տեսակի փտածութենէ: Կ՛աղօթենք, որ Աստուած ձեզի երկար կեանք տայ, որպէսզի լիբանանեան մարզաշխարհը մնայ միշտ մաքուր»:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնելով իր այցելուներուն, ըսաւ, որ ինք եւս կ՛ուզէ, որ մարզական բարի ոգին միշտ ըլլայ տիրական ներկայութիւն բոլորին մօտ, որպէսզի երիտասարդ սերունդը լաւ ձեւով դաստիարակուի եւ ըլլայ առողջ:
Հանդիպումին աւարտին յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ հանրապետութեան նախագահին: