Պիչ-Վոլիպոլ. Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին
Օմանի մէջ տեղի ունեցած պիչ-վոլիպոլի արաբական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Լիբանան յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրանալ պրոնզ մետալին` շնորհիւ Ժան-Ապի Շըտիտ եւ Ճօ Քազզի զոյգին, որ երրորդ-չորրորդ դիրքի մրցումին յաղթեց Օման-Բ. խումբին: Այս առիթով Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա, հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունենալով անոնց հետ շնորհաւորեց երկու մարզիկները, որոնք նախորդ շաբաթ այլ կարեւոր իրագործում մը կատարած էին,...



