
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հիուսթընի մէջ Ռոքեթց 117-113 արդիւնքով յաղթեց Քլիվլենտ Քաւալիրզին` արձանագրելով իր 9-րդ յաղթանակը եւ գրաւելով Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը:
Ռոքեթցի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Ճէյմս Հարտեն, որ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (35 կէտ, 11 ռիպաունտ, 13 էսիսթ): Քաւալիրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 33 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 111-95 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Օրլինզ | 122-118 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 117-113 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 109-108 |
Տենվըր Նակեթց – Օքլահոմա Սիթի | 102-94 |