Կազմակերպութեամբ Ֆինիքիա-Սուր ակումբին, հովանաւորութեամբ Սուրի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ վազքի մրցում մը` աւելի քան 500 երկսեռ վազողներու մասնակցութեամբ: Անոնց տարիքը կը տարուբերէր 7-էն 18 տարեկանի միջեւ եւ անոնք կը պատկանէին տարբեր քաղաքացիութիւններու, որոնց կարգին` սուրիացիներ, լիբանանցիներ եւ պաղեստինցիներ:
Վազքի այս մրցումին, որ կը կրէր «Վազե՛նք միասին` աւելի լաւ ապագայի մը համար», հսկեցին շուրջ 100 իրաւարարներ եւ կազմակերպիչ ակումբէն հսկող անձեր:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ շրջանին պատասխանատուներուն:


