
Նախանցեալ օր Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պանքոք մեկնած Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը լաւապէս պատրաստուած է սկսելու Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այսօր մրցում չունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ խմբակին մաս կազմող Սուրիա քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
Լիբանան շաբաթ օր կը մրցի Յորդանանի դէմ (ժամը 7:00-ին), իսկ կիրակի օր` Քաթարի դէմ (ժամը 7:00-ին): Երկու մրցումներուն ալ ժամերը պէտք է նկատի ունենալ Պէյրութի ժամանակացոյցով:


