Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նիքշա Փաւցեւիչ, հրապարակեց անունները այն մարզիկներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին 23 եւ 26 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
2021-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով, 23 նոյեմբերին Հայաստան Թիրանայի մէջ կը մրցի Ալպանիոյ դէմ, մինչ 26 նոյեմբերին Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Դանիան:
Փաւցեւիչի կազմէն դուրս մնացին Արկադի Մկրտիչեան, Արտեոմ Թաւաքալեան, Կարէն Չիւիչեան, Մեթիու Մատոյեան, Արամ Արսլանեան եւ Անտրէ-Սփայտ Մկրտչեան` նկատի ունենալով, որ անոնք Միացեալ Նահանգներու ուսանողական լիկային կը մասնակցին:
Հաւաքականը իր փորձերուն պիտի սկսի 20 նոյեմբերին` Դաւթաշէնի մէջ գտնուող ողիմպիական աւանին մէջ:


