
Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցող փինկ փոնկի արաբական ակումբներու 29-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ շարունակուեցան տղոց եւ աղջկանց մրցումները:
Ինչպէս ծանօթ է, այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 26 խումբեր (տղաք եւ աղջիկներ):
Աղջկանց մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը իր կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց: Առաջինը` Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայէն (3-2), մինչ երկրորդը` եգիպտական Զամալեքէն (3-0):
Լիբանանի ախոյեան Նատուա Քամաթիէ արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար Իթթիհատ Պուտուայի (Ալճերիա, 3-0) եւ Սինահայի դէմ (Իրաք, 3-0):
Այսօր` ուրբաթ, 10 նոյեմբերին կ՛աւարտին տղոց մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան խմբակներու դրութեամբ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, մինչ երեկոյեան ժամը 17:00-էն սկսեալ տեղի կ՛ունենան աղջկանց կիսաւարտականի, ինչպէս նաեւ 5-էն 7-րդ դիրքի մրցումները: Իսկ երեկոյեան Ժամը 19:00-էն սկսեալ կը կատարուին տղոց 9-էն 18-րդ դիրքի մրցումները:
Ախոյեան խումբերէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանան 20 հազար ամերիկեան տոլար:


