Նախորդ շաբաթ Շանիա-Քրեթայի մէջ (Յունաստան) տեղի ունեցաւ Ճատրակի միջերկրականեան երիտասարդական 2017-ի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, որոնք իրարու դէմ մրցեցան կատարելով 9 հանգրուանի մրցումներ:
Լիբանանէն Ճիօ Գալուստ, որուն վարկանշային կէտն է 1764, առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը` տիտղոսակիր Փաւլոս Փաւլիտիսի (Յունաստան) ետին, որ ապահովեց 8,5 կէտ:
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ տղոց 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ճիօ Գալուստ խլեց առաջին դիրքը:
Ան այս ախոյեանութիւնը աւարտեց առանց պարտութեան` արձանագրելով 6 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն:
Անոր արձանագրած այս յաջողութիւնը կը նկատուի մեծապէս շնորհաւորելի` նկատի ունենալով, որ ան այս ախոյեանութեան մասնակցած միակ հայ ճատրակ խաղացողն էր, թէեւ Լիբանանէն Յունաստան մեկնած էին նաեւ շարք մը այլ լիբանանցի ճատրակ խաղացողներ:


