Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, թէ ե՛րբ պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
«Եթէ Ճիանլուիճի Պիւֆոն իր ասպարէզը պիտի աւարտէ 40 տարեկանին, ուրեմն այդ քայլէն մէկ տարի ետք իմ կարգիս պիտի հետեւիմ անոր օրինակին: Հետեւաբար, ես մէկ տարի եւս ունիմ», ըսաւ Փորթոյի բերդապահը:
Նախապէս, Պիւֆոն յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ այս տարեշրջանը իրեն համար պիտի ըլլայ իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջինը:


