Պատրաստուելու համար Հոնկ Քոնկի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիա-2017-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը մրցեցաւ Սինկափուրի դէմ` վերջինին դաշտին վրայ:
Մրցումին ներկայ էին քանի մը հազար հաշուող համակիրներ, որոնց կարգին` Սինկափուրի մէջ գտնուող լիբանանցիներ:
Լիբանանի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ալի Համմամ` 17-րդ վայրկեանին: Պէտք է նշել, որ Սինկափուր բախտաւոր դուրս եկաւ իր բերդին մէջ միայն մէկ կոլ ստանալով` նկատի ունենալով, որ երկու կիսախաղերուն ալ լիբանանցի ֆութպոլիստները կորսնցուցին կոլի մեծաքանակ առիթներ:
Այսօր` ուրբաթ, 10 նոյեմբերին, կանուխ առաւօտուն, լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը մեկնի Հոնկ Քոնկ, ուր զտումի մրցում մը ունի կատարելիք երեքշաբթի օր, ժամը 14:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), դաշտին տիրոջ դէմ:


