Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Մոսկուայի մէջ ներկայացուեցաւ 2018-ի մոնտիալին պաշտօնական գնդակը:
ՖԻՖԱ-ն հաղորդեց, որ «Ատիտաս» ընկերութիւնը ներկայացուց 1970-ին Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած մոնտիալին ընթացքին գործածուած «Թելսթար» գնդակին նոր տարբերակը, որ այժմ կը կոչուի «Թելսթար-18»:
Այս նոր գնդակին փորձերը կատարեցին Արժանթինի, Մեքսիքայի եւ Քոլոմպիոյ ազգային խումբերը, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, Եուվենթուս, Ռէալ Մատրիտ եւ Այաքս Ամսթերտամ ակումբները:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Զինետին Զիտան, Լիոնել Մեսսի, Քաքա, Խապի Ալոնսօ, Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ եւ Լուքաս Փոտոլսքի:
Յայտնենք, որ այս նոր գնդակը բաւական լուրջ փորձերու ենթարկուած է մասնագէտներու կողմէ: