
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիելոռուսիան:
Հայրենի կազմը յաղթանակով աւարտեց այս մրցումը, երբ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին հաշիւը 41-րդ վայրկեանին բացաւ Արազ Օզպիլիս, ապա չորս վայրկեան ետք Հենրիխ Մխիթարեան արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Հայաստանի երրորդ կոլը նշանակեց Ռումեան Յովսէփեան (55-րդ), որմէ մէկ վայրկեան ետք հիւր կազմը փենալթիով նշանակեց իր կոլը` շնորհիւ Անթոն Սորոքայի: 84-րդ վայրկեանին Էրիկ Վարդանեան նշանակեց Հայաստանի 4-րդ եւ մրցումին վերջին կոլը:
13 նոյեմբերին Հայաստան բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին պիտի հիւրընկալէ Կիպրոսը` դարձեալ նոյն դաշտին վրայ:
Երէկուան մրցումին Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան դաշտ ներկայացուց հետեւեալ կազմը.
Արսէն Բեգլարեան, Յովհաննէս Համբարձումեան, Կայէլ Անտոնեան, Արտեոմ Միքայէլեան, Գեղամ Կադիմեան (Գագիկ Դաղբաշեան, 68-րդ), Ռումեան Յովսէփեան, Հենրիխ Մխիթարեան (Արտակ Գրիգորեան, 74-րդ), Էտկար Մալաքեան (Էդիկ Վարդանեան, 78-րդ), Արազ Օզպիլիս (Արտեոմ Սիմոնեան, 46-րդ), Մարքոս Փիցելլի (Հայկ Իշխանեան, 67-րդ) եւ Տիգրան Բարսեղեան (Ռուսլան Քորեան 74-րդ):


