Երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Արաբական ակումբներու փինկ փոնկի 29-րդ ախոյեանութեան բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:

Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ այլ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ փինկ փոնկի արաբական ֆետերասիոնի անդամներ, մասնակցող երկիրներու ֆետերասիոններուն նախագահները եւ ներկայացուցիչները:
Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք յայտնեց, որ մեծ յոյս ունի, որ բոլոր հիւր կազմերն ալ Պէյրութի մէջ իրենց կեցութեան ընթացքին լաւ ժամանակ կ՛անցընեն եւ իրենց երկրին համար կը փորձեն ապահովել տիտղոսներ:
Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:


