Նոյեմբեր 2016-ին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնած Արթուր Պետրոսեան 2 տարի եւս պիտի գլխաւորէ հաւաքականը, յայտնեց գիւմրեցի ֆութպոլի մասնագէտը` Հայաստան – Պիելոռուսիա մրցումէն ետք:
«Ապագաս այս մրցումին արդիւնքէն կախեալ չէր: Այս գծով արդէն իսկ պայմանաւորուած էինք նախապէս», ըսաւ ան:
Սկզբունքով անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2018-ի մոնտիալը, թէեւ Հայաստան չկրցաւ Ռուսիոյ աւարտականներուն իր տոմսը ապահովել: