Օմանի մէջ տեղի ունեցած պիչ-վոլիպոլի արաբական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Լիբանան յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրանալ պրոնզ մետալին` շնորհիւ Ժան-Ապի Շըտիտ եւ Ճօ Քազզի զոյգին, որ երրորդ-չորրորդ դիրքի մրցումին յաղթեց Օման-Բ. խումբին:
Այս առիթով Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա, հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունենալով անոնց հետ շնորհաւորեց երկու մարզիկները, որոնք նախորդ շաբաթ այլ կարեւոր իրագործում մը կատարած էին, երբ Յորդանանի մէջ, միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին, տիրացած էին արծաթ մետալին: