Օմանի մէջ տեղի ունեցող Արաբական պիչ-վոլիպոլի 26-րդ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի ախոյեան կազմը յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պահրէյնի Ա. խումբին: Խումբին մաս կը կազմեն Ժան Ապի Շըտիտ եւ Ճօ Քազզի:
Այսօր` հինգշաբթի, 9 նոյեմբերին, կիսաւարտականի մրցումներուն, Լիբանան իր դէմ կ՛ունենայ Օմանի Ա. խումբը, մինչ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ կը մրցին Քաթար Ա. եւ Օման Բ.:
Լիբանանեան խումբը նախորդ շաբաթ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին տիրացաւ արծաթ մետալին:


