Ֆորմիւլա 1. Ռասըլ Շահեցաւ Սինկափուրի Կրան Փրին. «Մաքլարեն» Շահեցաւ Խմբային Տիտղոսը
Կիրակի օր տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի Սինկափուրի կրան փրին: Առաջին դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի վարորդ Ճորճ Ռասըլ, որ փոլ-փոզիշընէն սկսած էր մրցումը: Բ. դիրքը գրաւեց «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ եւ վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն: «Մաքլարեն»-ի վարորդներ Լանտօ Նորիս եւ Օսքար Փիասթրի գրաւեցին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը, իսկ «Մաքլարեն» շահեցաւ խմբային ախոյեանութիւնը` տարեշրջանի աւարտէն 5 հանգրուան առաջ: Տակաւին կան Միացեալ...




















