«Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախագահ Տանա Ուայթ երէկ յայտարարեց, թէ հայ մարտիկ Արման Ծառուկեանի յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ նորզելանտացի Տան Հուքըրի դէմ` Քաթարի մէջ, 22 նոյեմբերին:
«Եու. Էֆ. Սի.» առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Տոհայի մէջ, ուր Ծառուկեան այս մրցումէն ետք առիթ պիտի ունենայ թեթեւ կշիռի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մրցումի մը մասնակցելու: Հայ մարտիկը, որ թիւ 2 դասուած է, մօտ մէկուկէս տարի ի վեր մրցում չէ ունեցած «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մրցաշարքին, եւ Հուքըրի դէմ յաղթանակով մը առիթ մը եւս պիտի ունենայ տիտղոսի համար մրցելու: Ան յունուարին պիտի մրցէր Իսլամ Մախաչեւի դէմ տիտղոսի մրցումին, բայց օր մը առաջ վիրաւորուելով կասեցուցած էր իր փորձերը:
Վերջին մրցումին ան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթած էր Չարլզ Օլիվէյրային, 2024-ի գարնան: 35 տարեկան Հուքըր վերջին անգամ 2024-ի օգոստոսին միաձայն որոշումով յաղթած էր Մաթէուշ Կամրոթին: